29 Eylül 2016
Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը ստացած է փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն, թէ թուրք լրտեսներ Լոնտոնի մէջ արձանագրուած ընկերութիւն մը իբրեւ ծածկոյթ օգտագործած են զէնք ապահովելու համար թրքական պետութեան օրհնութեամբ ահաբեկումներ կատարողներու:
Թուրք պաշտօնատարներ նշեալ ընկերութիւնը օգտագործած են գնելու համար 10 միլիոն տոլարի արժողութեամբ զէնք, ներառեալ «Ուզի» տիպի գնդացիրներ եւ «Ճերիքօ 9 մմ» տիպի ատրճանակներ: Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ իսրայէլեան այդ գնդացիրներէն մէկը Բրիտանիա մաքսանենգուած է եւ տրամադրուած քիւրտ ընդդիմադիրի մը ահաբեկումը գործադրողին: