29 Eylül 2016
Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Եկեղեցւոյ մուտքին հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշներուն եւ փողերախումբին կողմէ, անոնք ընդունուեցան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին եւ հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Պալայեանին կողմէ:
Հայաստանի 25-ամեակը շնորհաւորելու եկած էին Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի երեսփոխանները, Հալէպի նորանշանակ նահանգապետ Հուսէյն Ահմատ Տիապը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պետը, պետական անվտանգութեան ներկայացուցիչը, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամը, առաքինազարդ քոյրեր, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:
Սրահին մէջ հիւրերը ընդունուեցան դասական երաժշտութեամբ, կատարողութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կոմիտասի անուան սենեկային նուագախումբի անդամներէն կազմուած լարային քառեակին:
Ընդունելութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Այս առիթով խօսք առաւ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ 25 տարիներ առաջ մեր ժողովուրդը բացաւ իր պատմութեան ոսկեդարի նոր փուլ մը` աշխարհին յայտարարելով, որ պատրաստ է ըլլալու ազատ, անկախ, ինքնիշխան եւ կրելու սեփական ճակատագիրը կերտելու մեծագոյն պատիւն ու պատասխանատուութիւնը:
Ան յայտնեց, որ այս անգամ ալ հայութեան ուղին դիւրին չէր. արդարեւ, միջազգային ընտանիքին ու տարածաշրջանին մէջ ամրապնդուելու ճամբան բարդ էր ու դժուարութիւններով լի:
«Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Սպիտակի 1988 թուականի կործանարար երկրաշարժը, Արցախի ժողովուրդի կամակատարութեան դէմ Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պատերազմը եւ տնտեսական շրջափակումը մեծ փորձութիւն էին նորանկախ մեր հանրապետութեան համար:
«Այդուհանդերձ, մեր երիտասարդ հանրապետութիւնը կրցաւ յաղթանակ տանիլ պատերազմին ընթացքին, յաղթահարել ուժանիւթի ճգնաժամը, վերագործարկել Մեծամօրի աթոմակայանը, վերականգնել տնտեսութիւնը եւ ապահովել տնտեսական աճ:
«Այս ճամբուն վրայ Հայաստանը միայնակ չէր, քանի որ ունէր նուիրեալ զաւակներ, որոնք առաջին իսկ օրէն ձեռք մեկնեցին օգնութեան, եւ այդ օգնութիւնը նոր ուժականութիւն հաղորդեց մեր ընդհանուր պայքարին: Սփիւռքի մեր քոյրերն ու եղբայրները ցուցաբերեցին բազմաբնոյթ օժանդակութիւն, սկսած զէնքը ձեռքին մեր սահմանները պաշտպանելէն մինչեւ տարբեր ատեաններու մէջ մեր շահերու պաշտպանութիւն, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւն:
«Համազգային այս զարթօնքին մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ Հալէպի հայ գաղութը, որ նորանկախ մեր պետութեան նկատմամբ վերաբերեցաւ ինչպէս նորածին մանուկի, միշտ կանգնելով անոր կողքին, գուրգուրելով եւ փայփայելով, մինչեւ որ այդ հայ մանուկը մեծցաւ, երիտասարդ դարձաւ:
«Հանգամանքներու բերումով եկաւ ժամանակը, երբ մայր հայրենիքը արդէն պէտք էր սատար կանգնէր իր ամենանուիրուած համայնքներէն մէկուն: 5 տարի առաջ սկսած սուրիական պատերազմի արհաւիրքը հասաւ նաեւ Հալէպ` պատճառելով բազում ցաւ ու զրկանքներ հայկական այս կանգուն գաղութին: Ու այդ ժամանակ հայրենիքը բացաւ իր դռները բոլոր սուրիահայութեան, նաեւ` հալէպահայութեան համար:
«Այստեղ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ որոշում տրուեցաւ բոլոր պարագաներուն շարունակել Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան եւ Հալէպում Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատանքը` ցուցաբերելու համար օժանդակութիւն մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք որոշում տուին մնալ եւ պայքարիլ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ:
«Մենք նաեւ մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ հիւրընկալ ժողովուրդին: 100 տարի առաջ սուրիացի ժողովուրդը ընդունելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած ցեղասպանութենէն մազապուրծ բազմահազար հայեր, հնարաւորութիւն տուաւ անոնց ապրելու, ստեղծագործելու եւ իրենց հետ հաւասար շէնացնելու Սուրիան: Եթէ չըլլար սուրիացիներուն ջերմ վերաբերմունքն ու ծանրագոյն օրեր ապրող հայութեան օժանդակելու պատրաստակամութիւնը, մենք այսօր հոս չէինք ըլլար եւ չէինք ունենար այն ծաղկուն գաղութը, զոր ունէինք նախքան պատերազմը:
«Նկատի չառնելով բոլոր դժուարութիւնները, որոնց այսօր կը բախի ոեւէ հալէպաբնակ, մենք հաւաքուած ենք այսօր նշելու Հայաստանի Հանրապետութեամ անկախութեան տօնը, հաւաքուած այս բազմութիւնը ամենավառ ապացոյցն է, որ Հալէպը կենդանի է, Հալէպը կը շնչէ, որ քաղաքի լաւագոյն օրերը դեռ պիտի գան, եւ որ հայ համայնքը դեռ պիտի վերադարձնէ իր նախկին կեանքը:
«Կ՛ուզեմ նախ եւ առաջ խաղաղութիւն մաղթել Հայաստանին, Արցախին, Սուրիոյ եւ առհասարակ ողջ աշխարհին, քանի որ միայն խաղաղութեամբ կարելի է ապրիլ, արարել, ստեղծագործել ու կառուցել: Շնորհաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձը: Կեցցէ՜ Հայաստանը: Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը»:
Գլխաւոր հիւպատոսին խօսքը արաբերէնով ներկայացուց Մարինէ Տարաքճեան:
Այնուհետեւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդին համար կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը, ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ներսոյեանը պարգեւատրուեցան «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալներով, ՀԲԸՄ-ի անդամ Հէնրի Արսլանեան` «Մխիթար Հերացի»-ի մետալով, Ալեքսանտր Քէշիշեանը եւ Ֆիմի Տէր Յակոբեանը պարգեւատրուեցան «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան պահպանման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Հուրի Ազէզեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով, Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրաբերած արժէքաւոր ձեռագիրներուն եւ հնատիպ բազմաթիւ գիրքերուն համար մատենադարանի տնօրէնին կողմէ Սօսէ Պարոնեան պարգեւատրուեցաւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալով, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ Հալէպի տիրող իրավիճակը, համայնքի կրթամշակութային կեանքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւնները լուսաբանելու համար Աւօ Գաթրճեան պատուոյ գիր ստացաւ: Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութենէն ներս բարեխիղճ աշխատանքի համար Սփիւռքի նախարարին պատուոյ գիրով պարգեւատրեց նաեւ հիւպատոսութեան աշխատակազմի անդամներ` Շանթ Ուրիշիկեան, Մարինէ Տարաքճեան եւ Անի Դաւիթեան:
Հուսկ Շահան արք. Սարգիսեան Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան բարձրագոյն շքանշան»-ով պարգեւատրեց Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան Հօր` պատիւ եւ պարտաւորեցնող համարելով այս շքանշանը: