26 Eylül 2016
Փարիզի 7-րդ թաղամասին մէջ հաստատուած «Ատրպէյճանի գիւղ»-ին դէմ հայ երիտասարդներու ցոյցերուն ընթացքին, միջադէպեր պատահած են ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը:
Այս առիթով, Հայ Դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը (CDCA)՝ նախագահ Յարութ Մարտիրոսեանի ձեռամբ, բողոքի նամակ մը յղած է Փարիզի նահանգապետ Միշէլ Գատոյին:
Այդ նամակով, CDCA իրմէ կը խնդրէ անյապաղ կիրարկել 2016 Յուլիս 7-ին ընդունուած՝ օրէնքի թիւ 76 յօդուածը, որ կ՚արգիլէ վայրեր տրամադրել քարոզչական նպատակներու համար: