26 Eylül 2016
Ծերակոյտի յատուկ յանձնաժողով մը, Սեպտեմբեր 13-ին, զեկուցաբեր Ֆրանսուազ Կաթէլի առաջարկին ընդառաջելով՝ զեղչած էր «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծէն՝ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող թիւ 38ter յօդուածը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը:
Ներկայիս, Մէօտոնի (Փարիզեան շրջան) քաղաքապետ Հերվէ Մարսէյ Ծերակոյտին ներկայացուցած է յաւելուած մը, ներմուծելու համար նշեալ օրինագիծին մէջ: Այդ յաւելուածը կը նախատեսէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման, թերագնահատման կամ հասարակացման պատժելիութիւնը:
Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 4, 5 եւ 6-ին պիտի քննարկէ «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծը: