Նիւ Եորքի Մէջ. Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

26 Eylül 2016  

Նիւ Եորքի Մէջ. Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ -

Նիւ Եորքի Մէջ. Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Նիւ Եորքի Մէջ. Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 24 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երախտագիտութիւն յայտնած է իր պաշտօնավարման ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներուն Հայաստանի աշխուժ մասնակցութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ տեսանելի եւ կառուցողական դերակատարութիւն ծաւալած է միջազգային ասպարէզին մէջ, ոչ միայն իր առաջնահերթութիւններուն առումով, այլեւ ՄԱԿ-ի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման նպատակով:

Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր առաջնորդութեան, նախաձեռնութիւններուն եւ գործադրած ջանքերուն համար` ուղղուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան արժէքներուն, նպատակներուն եւ սկզբունքներուն յառաջ մղման:

Զրուցակիցները քննարկած են ՄԱԿ-ի օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պան Քի Մուն Էդուարդ Նալբանդեանին յանձնած է իր հեղինակած գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած է վերջին տասը տարիներուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր գործունէութիւնը:

Հայաստանի Եւ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 24 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու նպատակով ձեռնարկուող միացեալ քայլերը: Այս առումով կարեւոր նկատուած են փոխադարձ բարձրաստիճան այցելութիւններու կազմակերպումը, միջկառավարական յանձնախումբի արդիւնաւէտ աշխատանքը, նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կազմակերպումը, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան սերտացումը:

Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուած է, որ տարուէ տարի կը խորանան գործարար կապերը, կ՛ընդլայնի առեւտրական շրջանառութիւնը, որ արդէն կը կազմէ շուրջ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը Էդուարդ Նալբանդեանին տեղեկացուցած է երկրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին, կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:

Հայաստանի Եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Նոյն ծիրին մէջ, Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցումով, հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն, այդ ուղղութեամբ միջազգային նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ սուրիական տագնապի լուծման շուրջ վերջերս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները յարգուին եւ իրականացուին, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ տագնապի խաղաղ լուծման համապարփակ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան համար:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+