20 Eylül 2016
Երէկ գիշեր համացանցի ընկերային էջերուն վրայ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ գոյժը:
Յառաջացեալ տարիքի մէջ կեանքէն ու իր համայնքէն հրաժեշտ կ՚առնէր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Երկարամեայ նախկին Վիճակաւորը. Արհի. Գերապայծառ Յովհաննէս Արք.
Չոլաքեան. որ տասնամեակներ շարունակ ծառայելէ վերջ իր հօտին, իր համայնքը հովուելու պարտականութիւնը փոխանցած էր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Չէքիեան Գերապայծառին ու ապաստան գտած էր Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի գուրգուրոտ Երդիքին տակ. ինքզինք նուիրելով գրական աշխատանքի ու պատրաստելով զանազան գիրքեր:
Հիները կը յիշեն որ Չոլաքեան Գերապայծառ Վիճակաւորի պաշտօնին կոչուած էր Հայ կաթողիկէ համայնքի կեանքէն ներս փոթորկոտ շրջանի մը մէջ. բայց այն օրէն վերջ երբ ան ղեկը ձեռք առած էր, մօտաւորապէս 70 տարի իր համայնքին համար յաջողած էր ստեղծել խաղաղութեան ու բարգաւաճման շրջան մը:
Խոր զարգացումի տէր. ֆրանսերէնի քաջատեղեակ. Չոլաքեան Գերապայծառ ունէր հռետորական բացառիկ կարողութիւն ու իւրայատուկ յստակ ոճ. նաեւ կը հեղինակէր եկեղեցիներու ու զանազան նիւթերու նուիրուած գիրքեր` ընդհանրապէս Ֆրանսերէնով:
Վախճանեալ Գերապայծառը ծնած էր Իսթանպուլ 12 Ապրիլ 1919ին: Քահանայ կը ձեռնադրուի 1943ին, Հռոմի մէջ: 1946ին կը վերադառնայ Պոլիս Ել կընուիրուի հովուական աշխատանքի: 1949ին կը կատարէ զինուորական ծառայութիւնը որպէս սպայ: 1950ին կը վերադառնայ եկեղեցական ծառայութեան: 1951 էն սկսեալ կընուիրուի նաեւ ուսուցչութեան` Պոլսոյ զանազան դպրոցներուն մէջ: Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 5 Մարտ 1967ին ձեռամբ երջանկայիշատակ կարտինալ Աղաճանեանին: Չոլաքեան Գերապայծառ վերջին Եպիսկոպոսն էր որ կ՚օծուէր Կարտինալ Աղաճանեանի ձեռամբ ու Չոլաքեան Սրբազան Կարտինալ Աղաճանեանի նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր մասին 2012 թուականին գրելով հոյակապ գիրք մը. Ֆրանսերէն ու Հայերէն:
Վախճանեալ վաստակաւոր Առաջնորդը, որ կը զգար որ ժամանակը եկած էր հրաժարելու, իր հրաժարականը տուաւ 21 Մարտ 2015ին: Պարտականութիւնը Գարագիւղի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սարքուած անմոռանալի արարողութեան մը ընթացքին փոխանցեց Ձէքիեան Գերապայծառին: Այնուհետեւ բնակեցաւ Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի մէջ, գիրքեր գրեց ու եկեղեցականի պատրաստ հոգիով դէպի յաւերժութիւն փոխանցուեցաւ Երէկ Ուրբաթ 16 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան ժամերուն. Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասի Աճըպատէմ հիւանդանոցին մէջ:
Այս մասին այսօր արդէն ստացանք Առաջնորդարանի յայտարարութիւնը, որ հրատարակուած է մեր միւս սիւնակներուն մէջ: Այլ մանրամասնութիւններ հաւանաբար Երկուշաբթի պիտի հաղորդուին:
ՄԱՐՄԱՐՍ իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին եւ եկեղեցական դասուն ու կը խոնարհի վախճանեալ Գերապայծառին պայծառ յիշատակին առջեւ:
Մարմարա