15 Eylül 2016
Պոլսահայ յայտնի հասարակական գործիչ, լրագրող, հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինք այսօր` Սեպտեմբեր 15-ին կը դառնար 62 տարեկան:
Հրանդ Տինք ծնած է Մալաթիա, 1954 թուականի Սեպտեմբեր 15-ին: 1961 թուականին անոր ծնողները Պոլիս տեղափոխուելէ ետք բաժանուեցան, որուն հետեւանքով Հրանդը եւ 2 եղբայրները տեղաւորուեցան Սթամպուլի Կետիկփաշայի «Արմէն» ճամբար-մանկատունը:
Պատանեկան տարիքին հրապուրուած է ձախակողմեան կուսակցութիւններով եւ սկսած քաղաքականութեան մէջ մտնել Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութեան ուղեգիծով: Սթամպուլի համալսարանի բանասիրութեան բաժամնունքը աւարտելէ որոշ ժամանակ անց ամուսնացած է մանկատան սաներէնի մէկուն՝ Ռաքէլին հետ:
Եղբայրներուն հետ միասին տպարան բացած են եւ Ռաքէլի հետ համատեղ Արեւմտեան Հայաստանէն եկած իրենց նման անծնողք երեխաներու համար ստեղծուած ճամբարը ղեկավարած: Սակայն պետութիւնը ճամբարին բացումէն 21 տարի ետք զայն բռնագրաւեց: Զինուորական ծառայութիւնը անցուցած է Տենիզլիի հետեւակային գունդին մէջ:
Թերթերուն մէջ աշխատանքը սկսած է իբրեւ լոյս տեսած գիրքերու ընդդիմախօս:
«Սթամպուլի հայ հասարակութիւնը շատ փակ կ՛ապրի: Եթէ մեզ լաւ ներկայացնենք, նախապաշարումները կը կոտրուին»- կ՛ըսէր Հրանդ Տինք` նախապատրաստուելով հայերէնով եւ թրքերէնով թերթի հրապարակման:
1996 թուականի Ապրիլ 5-ին լոյս տեսաւ «Ակօս»-ի առաջին թիւը: Թերթին գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը ստանձնեց Հրանդ Տինք: Բացի «Ակօս»-էն, կը գրէր նաեւ «Զաման» եւ «Պիրկիւն» պարբերականներուն մէջ:
Անոր դէմ բացայայտ հետապնդումներ սկսան, երբ ան գրեց, թէ Աթաթուրքի որդեգրած աղջիկը եղած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհի մը, որ կը հանդիսանայ նաեւ Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն: Այնուհետեւ թրքական Hurriyet-ը եւ քանի մը այլ թերթեր սկսան իրենց գլխաւոր էջերուն մէջ Տինքը որակել որպէս դաւաճան` հող նախապատրաստելով անոր սպանութեան համար:
«Ռոյթըրս»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Դինքն կ՛ըսէր. «Այո, 1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է, քանի որ 4 հազար տարի այս հողերուն վրայ ապրած ժողովուրդ մը եւ անոր քաղաքակրթութիւնը արդէն չկայ»:
Տինքի դէմ բացուած էր քանի մը դատական գործեր, որոնցմէ մէկով` տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով ան դատապարտուեցաւ 6 ամսուայ ազատազրկման, սակայն պատիժը յետաձգուեցաւ: Տինք այդ վճռի բողոքարկումը հասցուց մինչեւ Եւրոդատարան եւ ցաւօք, միայն անոր մահէն ետք` 2010 թուականի Սեպտեմբեր 15-ին` անոր ծննդեան օրը, Եւրոդատարանը Տինքը արդարացուց եւ թրքական իշխանութիւններուն պարտաւորեցուց փոխհատուցել Տինքի ընտանիքին:
2007 թուականի Յունուար 19-ին Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ «Ակօս» խմբագրութեան դիմաց: Անոր սպանութեան գործով դատը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ ամօթալի դատական գործերէն մէկն է: Սպանութեան գործով անչափահասներու համար նախատեսուած դատարանին մէջ 25 տարուայ ազատազրկման դատապարտուեցաւ Օկիւն Սամասթը, որ որոշակի արտօնութիւններէ օգտուելով` կրնայ 10 տարի անց յայտնուիլ ազատութեան մէջ: Միւս ազատազրկման դատապարտուածը Եասին Հայալն է, որուն դատարանը ցմահ դատավիճիտ տուած է:
Թէեւ դատավարութեան ժամանակ շարք մը զգայացունց վկայութիւններ եղան, որոնք կ՛ապացուցէին, որ Տինքի սպանութեան մասին նախօրօք տեղեակ եղած են ոստիկանութիւնն ու ժանտարմերիան, սակայն ոչ ոք լուրջ պատիժ չկրեց ատոր համար:
Աւելին, Տինքին սպաննած Օկիւն Սամասթի հետ Թուրքիոյ դրօշով նկարուած թուրք ոստիկանի պաշտօնը բարձրացաւ:
Միայն 2013-ի Մայիսին Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավճիռը վճռաբեկ 9-րդ դատարանին մէջ բեկանուելէ ետք ուղարկուեցաւ Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 14-րդ դատարան: Վճռաբեկ 9-րդ դատարանի որոշման մէջ Տինքի սպանութեան գործով դատապարտուածներուն վերագրուած է «զինուած յանցանք գործելու համար կազմուած խմբաւորման անդամներ» մեղադրանքը: Աւելի առաջ, դատարանի որոշման մէջ չկար զինուած խմբաւորման անդամներ ըլլալու մասին որոշում, ինչ որ թեթեւցուցած է մեղաւորներուն պատիժները:
Վճռաբեկը միեւնոյն ժամանակ հաստատած է Տինքի սպանութեան ուղղորդողներէն Եասին Հայալի նկատմամբ դատարանի կայացուցած ցմահ ազատազրկման դատապարտելու որոշումը:
2016–ի Յուլիս 15–ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք կարծես թէ արագացաւ Տինքի սպանութեան գործով հետաքննութիւնը եւ նոր փաստեր յայտնուեցան, ըստ որոնց, Տինքի սպանութեան կազմակերպման մէջ մասնակցութիւն ունեցող ոստիկանութեան ծառայողներն ու բարձրաստիճան զինուորականները կիւլենական են, եւ անոնց մէկ մասն ալ ձերբակալուած է յեղաշրջման փորձի գործի ծիրէն ներս: