15 Eylül 2016
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) արգելափակուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան յայտնեց, որ պատրաստ է քիւրտերուն եւ թրքական ուժերուն միջեւ բախումներուն դադրեցման գծով առաջարկներ ներկայացնելու:
Օճալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր առաջարկը կարելի է վեց ամսուան մէջ գործադրել, եթէ Անգարա անոր համաձայնի:
Ան շեշտեց, որ տագնապին լուծումը թէ՛ իր ղեկավարած կուսակցութեան, թէ՛ ալ թրքական կառավարութեան պարտաւորութիւնն է: