11 Eylül 2016
Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ Հալէպի խնդիրը:
Անոնք համակարծիք եղած են, որ Հալէպի մէջ վայրկեան առաջ անհրաժեշտ է զինադուլի դրութիւն հաստատել:
Էրտողան նշած է, որ իրենք կ՛ուզեն, որ Հալէպի մէջ զինադուլը հաստատուի մինչեւ 12 հոկտեմբեր եւ իրենք արդէն այդ մասին կը բանակցին Միացեալ Նահանգներու հետ:
Փութին իր կարգին յայտնած է, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն թուրք-սուրիական սահմանը ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչներէն մաքրելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ իրենց կողմէ ամէն կարելի բան պիտի ընեն, որպէսզի մինչեւ համաձայնուած ժամկէտը Հալէպի մէջ կրակոցները դադրին: