11 Eylül 2016
Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքը` վկայակոչելով իսրայէլեան «Էն.Առ.Ճի.» պարբերականը, կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մտադիր է հոկտեմբերին այցելել Պաքու:
Պարբերականին համաձայն, վերջին շրջանին Իսրայէլ աւելի յաճախ կը նայի իսլամական երկիրներուն կողմը` յատկապէս այն երկիրներուն, որոնք շիի բնակչութիւն ունին: