08 Eylül 2016
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ իր երկիրը նեղութիւն չի զգար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ներկայութենէն, սակայն դէմ է, որ կազմակերպութիւն մը` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ուրիշները մեկուսացնէ եւ այդ շրջանին վրայ մենատիրութիւն հաստատէ:
«Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրին մէջ Սուրիա գտնուող թրքական ուժերը բռնագրաւող ուժեր չեն», ըսաւ ան:
«Թուրքիան իր բոլոր դաշնակից երկիրները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները տեղեակ պահեց «Եփրատի վահան» գործողութենէն», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ գործողութիւնը հիմնուած է միջազգային օրէնքին վրայ եւ ատոր հիմամբ կ՛ընթանայ: