07 Eylül 2016
Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Եսայի Տեմիրը երէկ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացած բարեգործական ընթրիքի ժամանակ յայտարարած է, որ Պոլսոյ հայ համայնքը ներքաղաքական լարուածութեան պայմաններուն մէջ մօտ 500.000 տոլարի վնաս կրած է: Այդ մասին կը գրէ «Ակօս»-ը:
«Անշուշտ, երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները չէին կրնար չազդել մեր համայնքի պիւտճէին վրայ: Կրնամ ըսել, որ այս տարի համայնքի ֆինանսական կորուստը ամենակոպիտ հաշուարկով կը կազմէ մօտ 1.460.000 թրքական լիրա (467.000 տոլար): Բացի գումարային հարցերէն, կը կարծեմ, պէտք է խօսինք նաեւ այլ խնդիրներու մասին: Համայնքը կը նօսրանայ, անցեալ տարի ունեցած ենք 647 մահ, 142 ամուսնութիւն, 120 մկրտութիւն։ Այս թիւերը իրականութիւն մը կը պարզեն։ Ամէն տարի մեր համայնքը ամէնէն քիչ 500 հոգիով կը նուազի”, – ըսած է Տեմիրը:
Բարեգործական ընթրիքի ընթացքին հաւաքուած գումարը ուղղուած է Պոլսոյ հայ համայնքի 16 դպրոցներէն մէկը հանդիսացող Սահակեան վարժարանի ծախսերը հոգալուն:
Ընթրիքի ընթացքին համայնքի հոգեւորականներէն եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը նշած է, որ համայնքի համար ամենակարեւորը այս պահուն դպրոցները կանգուն պահելն է:
«Կ.Պոլսի հայկական դպրոցները կանգուն եղած են 1915-ին, կանգուն մնացած են նաեւ Ունեցուածքի հարկի (1942-44թթ.-ին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ քրիստոնեայ եւ հրեայ փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղուած հարկային օրէնքը, ըստ որուն երկրի հայ քաղաքացիները պէտք է հարկ վճարէին իրենց ունեցուածքին 232%, հրեաները 179%, յոյները` 156%, իսկ մահմետականները ընդամէնը 4,94%-ի չափով) եւ Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերուն ժամանակ, 2016 թուականին պիտի կանգուն չմնա՞ն»,- ըսած է եպիսկոպոսը: