Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն - Gündem
17 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Ասակ / Ժամ : Հրակաթն

Gündem :

05 Eylül 2016  

Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն -

Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Հալէպ քաղաքի այն բաժիններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ:

Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յարձակում գործելով վերատիրացած է քաղաքի հարաւը գտնուող երկու զինուորական ակադեմիաներուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ:

Մարդկային իրաւանց սուրիական կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է երկու ակադեմիաներուն` աւելցնելով, որ բանակը նաեւ վերատիրացած է օդուժի թեքնիք քոլեճին:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ բանակը նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առած է Ռամուսայի ճամբան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի արեւելեան Հալէպի թաղամասեր տանող ճեղքը` այդպիսով վերականգնելով ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի պաշարման օղակը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+