05 Eylül 2016
«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Հալէպ քաղաքի այն բաժիններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ:
Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յարձակում գործելով վերատիրացած է քաղաքի հարաւը գտնուող երկու զինուորական ակադեմիաներուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է երկու ակադեմիաներուն` աւելցնելով, որ բանակը նաեւ վերատիրացած է օդուժի թեքնիք քոլեճին:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ բանակը նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առած է Ռամուսայի ճամբան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի արեւելեան Հալէպի թաղամասեր տանող ճեղքը` այդպիսով վերականգնելով ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի պաշարման օղակը: