Քալքութայի Մայր Թերեզայի Սրբադասման արարողութիւնը։ (VIDEO) - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

04 Eylül 2016  

Քալքութայի Մայր Թերեզայի Սրբադասման արարողութիւնը։ (VIDEO) -

Քալքութայի Մայր Թերեզայի Սրբադասման արարողութիւնը։  (VIDEO) Քալքութայի Մայր Թերեզայի Սրբադասման արարողութիւնը։

Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտ կանուխէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը սկսաւ լեցուիլ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներով որոնք եկած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու աղքատներէն ամենաաղքատին ծառայ` Քալքութայի Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան։

Սրբադասման արարողութիւն որ կարելի եղաւ Մայր Թերեզայի մահուընէ ետք գործած երկու հրաշքներու շնորհիւ մէկը` երանացման համար, միւսը՝ սրբադասման։

Առաջին հրաշքը տեղի ունեցաւ Արևմտեան Պենկալիայի մէջ հնդկացի Մոնիքա Պեսրայի բուժումով զոր վաւերացուեցաւ 2002 թուականի դեկտեմբեր 20-ին Երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի օրով որ լաւապէս կը ճանչնար ու մեծապէս կը յարգէր ու կը սիրէր Մայր Թերեզան։
Երկրորդ հրաշքը կը վերաբերի Պրազիլցի Մարսիլիօ Հատտատ Անտրինօյի որ այս օրերուն ինք ու իր ընտանիքը կը գտնուին Հռոմի մէջ որպէս կենդանի վկայութիւն Մայր Թերեզայի սրբութեան հրաշքին։

Ճարտարագէտ 42 ամեայ Մարսիլիոն կը տառապէր ուղեղի ծանր հիւանդութենէ ու բժիշկները մէծ յոյս չունէին որ ան կարենար բուժուէր։ Քահանայ մը Մարսիլիոյին ու անոր երիտասարդ կնոջ կը խրատէ դիմել Մայր Թերեզայի բարեխօսութեան ու երբ բոլոր բուժումները կը ձախողին ու Մարսիլիոն կը մտնէ քոմայի մէջ ու պիտի ենթարկուէր ծանր գործողութեան, վիրաբոյժը երբ կը մտնէ վերահատարան այնտեղ կը գտնէ Մարսիլիոն բոլորովին արթուն ու ամբողջութեամբ բուժուած։ Ահա այս երկրորդ հրաշքն է որ Մայր Թերեզան արժանացուց մաս կազմել կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Դասին թէեւ անոր կենդանութեան ընթացքին արդեն ան իր գործերով ու ամենաաղքատներէն աղքատին մատուցած ծառայութիւններով կը վայելեր սրբուհիի համբաւ։

Քալքութայի Մայր Թերեզայի սրբադասումը տեղի կ՛ունենայ Ողորմութեան Յոբելինական Տարւոյն ծիրէն ներս ինք որ ողորմութիւնը ընտրեց որպէս իր կեանքի ուղեցոյց։

Սրբադասման արարողութեան առթիւ Վատիկան ժամանած էին նաեւ Մայր Թերեզային հետ կապ ունեցող զանազան երկիրներէ պաշտօնական պատուիրակութիւններ ինչպէս Մայր Թերեզայի ծննդավայր Ալպանիայէն Ալպանիայի նախագահն ու անոր կողակիցը, Ալպանիայի վարչապետը ու 23 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։ Հնդկաստանը որ եղած է մայր Թերեզայի առաքելութեան ամենակարեւոր վայրերէն մին եւ ուր այսօր կը հանգչի անոր մարմինը ներկայացուած էր հնդկաստանի արտգործ նախարարի ու անոր ընկերացող 11 հոգինոց պատուիրակութեան կողմէ։ Ի շառս այլ պետական պատուիրակութիւններուն յատուկ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երկրի փոխ նախագահին, ժամանած էր նաեւ Չինաստանէն։

Նշենք նաեւ թէ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իտալիայի զանազան քաղաքներէն ժամանած 1500 աղքատներ որոնք ընդհանրապէս հիւրընկալուած են Մայր Թերեզայի գթութեան քոյրերու կեդրոններուն մէջ եւ որոնք սրբադասման արարողութեան աւարտին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ պիտի մասնակցին իրենց ի պատիւ սարքուած սիրոյ ճաշին։

Սրբադասման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկիզբ առաւ առաւօտեան 10.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած թափօրով։

Պատարագին սկիզբը Սուրբերու դատի Ժողովին կառավարիչ` կարդինալ Անճելօ Ամաթօ ներկայացուց նոր սրբուհիին կենսագրականն ու սրբադասման խնդրագիրը որուն ապա յաջորդեց Քալքութայի Երանելի Մայր Թերեզայի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ Սուրբ հռչակումը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+