Թալին Նայիր Նշանակուեցաւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի Տնօրէնուհի - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

01 Eylül 2016  

Թալին Նայիր Նշանակուեցաւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի Տնօրէնուհի -

Թալին Նայիր Նշանակուեցաւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի Տնօրէնուհի Թալին Նայիր Նշանակուեցաւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի Տնօրէնուհի

Պոլսոյ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի նշա­նա­կուե­ցաւ Թա­լին Նա­յիր։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մա­վաս­տակ ու փոր­ձա­ռու կրթա­կան մշակ մը Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան կը վա­րէր այդ պաշ­տօ­նը։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ա­ւար­տին ան ո­րո­շած է կո­չուիլ հանգս­տեան՝ բա­զում տա­րի­նե­րու իր ե­րախ­տա­շատ ու նուի­րեալ կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թե­նէն վերջ։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ու Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րիւն խորհր­դակ­ցա­բար ո­րո­շած են ի­րեն յա­ջորդ նշա­նա­կել Թա­լին Նա­յի­րը, որ շուրջ տասն­հինգ տա­րիէ ի վեր հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան վար­ժա­րան­նե­րէն ներս ստանձ­նած է բազ­մաբ­նոյթ պաշ­տօն­ներ։ Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:

Թա­լին Նա­յիր իր ու­սու­մը ստա­ցած է Կէ­տիկ­փա­շա­յի եր­բեմ­նի Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նի, Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի եւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի մէջ։ Բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է «Մար­մա­րա» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռի ղե­կա­վար­ման ճիւ­ղին մէջ ու­սու­մը խո­րա­ցու­ցած է Իս­թան­պու­լի «Թի­ճա­րէթ» հա­մալ­սա­րա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Մինչ այդ, մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է նաեւ բազ­մա­թիւ վե­րա­պատ­րաս­տման ծրագ­րե­րու։

Թա­լին Նա­յիր ցարդ պաշ­տօ­նա­վա­րած է հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը ե­ղած է իր հիմ­նա­կան եր­դի­քը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին եր­կու տա­րի վա­րեց նաեւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նէն ներս ե­ղած է հսկիչ, փոխ-տնօ­րէ­նու­հի եւ եր­կու շրջան ալ տնօ­րէ­նու­հի։ Հա­մայն­քէն դուրս ալ պաշ­տօ­նա­վա­րե­լու փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի։ Աշ­խա­տած է Ու­լու­սի ՄԷՖ վար­ժա­րա­նին մէջ՝ որ­պէս դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի։

Թա­լին Նա­յիր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է նաեւ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու։ Պէզ­ճեան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ մաս­նակ­ցած է ժո­ղովր­դա­կան պա­րե­րու վե­րա­բե­րեալ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու։ Ե­ղած է նաեւ պա­րու­սոյց, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մաս կազ­մած՝ միու­թեան վար­չու­թեան։

Թա­լին Նա­յիր գի­տէ նաեւ անգ­լե­րէն եւ զար­գա­ցած ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ու­նի տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կա­լուա­ծէն ներս։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թեն­ք։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+