01 Eylül 2016
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկները արդէն կը մեկնարկեն այսօր: ԼՂՀ Ազգային ժողովի կայքին մէջ տեղադրուած ծրագիրին համաձայն, այսօր Արցախի բոլոր կրթօջախներուն մէջ պիտի իրականցուի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» թեմայով դաս, տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, Ստեփանակերտի կեդրոնական պուրակին մէջ պիտի կայանայ զինուորական նուագախումբին համերգը:
Սեպտեմբեր 2-ի ձեռնարկներու մեկնարկը պիտի տրուի երթով` Վերածնունդի հրապարակէն դէպի յուշահամալիր, այնուհետեւ` ծաղկեպսակադրութիւն Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ: Տեղի պիտի ունենան բացօթեայ տօնական ձեռնարկներ Ստեփանակերտի տարբեր հատուածներու մէջ, ԼՂՀ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս` «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը»: Այդ օրը նաեւ պիտի բացուի Շուշիի հանրակացարանային համալիրը: Տօնական համերգէն ետք տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն Վերածնունդի հրապարակին վրայ:
Ձեռնարկնրը պիտի շարունակուին նաեւ Սեպտեմբեր 3-ին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ պիտի բացուի նոր թաղամաս: