Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը Անցեալ Երեք Ամիսներուն $4.3 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

01 Eylül 2016  

Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը Անցեալ Երեք Ամիսներուն $4.3 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին -

Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը Անցեալ Երեք Ամիսներուն $4.3 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը Անցեալ Երեք Ամիսներուն $4.3 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Յունիս, Յուլիս, եւ Օգոստոս 2016-ի ընթացքին, “Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը $4.3 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան՝ վեց թռիչքներով եւ տասը ծովային արկղերով։

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, “Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը $3 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief International կազմակերպութենէն ($1.4 միլիոն), Քանատայի Health Partners International կազմակերպութենէն ($811,000), AmeriCares կազմակերպութենէն ($620,000) եւ Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Հոգաբարձութենէն ($146,000)։

Հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւս արժէքաւոր ապրանքներ նուիրած են այս ժամանակաշրջանին – Prime Healthcare ($777,000), Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութիւնը ($181,000), Foundation SEMRA Plus՝ Զուիցերիա ($128,000), Project AGAPE ($103,000), եւ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութիւնը ($111,000)։

Յունիսի, Յուլիսի, եւ Օգոստոսի ընթացքին “Հայաստան Արցախ” Ֆոնտի առաքած նպաստը ներառած է մեծապէս անհրաժեշտ դեղեր՝ քաղցկեղի, սրտի, աղիքներու, եւ մտային հիւանդութիւններու դարմանման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ՝ վերջերս Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառաւ վիրաւորուածներու խնամքին համար։

Դեկտեմբեր 1, 2015-ին հիմնադրուելէ ի վեր, “Հայաստան Արցախ” Ֆոնտը $18.5 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան՝ 20 թռիչքներով եւ 34 ծովային արկղերով։ Տրուած ըլլալով, որ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը այն կազմակերպութիւնն է, որ յաջորդած է Միացեալ Հայկական Ֆոնտին, 1989-էն ի վեր զոյգ կազմակերպութիւններուն կողմէ հայրենիքին տրամադրուած նպաստի ընդհանուր արժէքն է $738.5 միլիոն։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան. «երախտապարտ ենք մեր առատաձեռն բարերարներուն, որոնց թիկունքին շնորհիւ կը շարունակենք անյետաձգելի նպաստ տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին՝ 117 South Louise Street, Suite 315, Glendale, CA 91205, կամ հեռաձայնել (818) 241-8900 թիւին։ Իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+