Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ու Քիւրտերուն Միջեւ Զինադո՞ւլ. Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ո - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

31 Ağustos 2016  

Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ու Քիւրտերուն Միջեւ Զինադո՞ւլ. Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ո -

Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ու Քիւրտերուն Միջեւ Զինադո՞ւլ. Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ո Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ու Քիւրտերուն Միջեւ Զինադո՞ւլ. Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Եւ Քիւրտերուն Կոչ Կ՛ուղղեն Դադրեցնելու Բախումները Եւ Պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ եւ սուրիացի քիւրտ զինեալներուն կոչ ուղղած է դադրեցնելու իրարու հետ բախումները եւ սկսելու պայքարը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

«Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն զերծ մնալու իրարու դէմ պատերազմելէ եւ փոխարէնը կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի վրայ», ըսած է Քըրպի: Նշենք, որ երէկ նոյնիմաստ կոչ մը ուղղեց նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան սպայակոյտի պետ զօր. Ժոզըֆ Վոթըլ:

Քըրպի ընդգծած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը ՕԹԱՆ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող դաշինքին մէջ: Սակայն Քըրպի նաեւ շեշտած է, որ իր երկիրը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ կ՛աջակցի նաեւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավար ուժերուն:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Պեն Ռոտզ նախապէս յայտարարած էր. «Մենք չենք աջակցիր եւ պիտի չպաշտպանենք թրքական զինեալ ուժերու շարժումը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ եւ Թուրքիոյ գործունէութիւնը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն դէմ, որոնց կը պաշտպանեն Միացեալ Նահանգները»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր իր կարգին նշած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը պաշտպանեն Թուրքիոյ գործողութիւնները Ժապարպլոսի հիւսիսը եւ մինչեւ իր սահմանը, ինչպէս նաեւ Ժարապլոսէն արեւմուտք, սակայն ոչ դէպի հարաւ: Ան ընդգծած է, որ յառաջիկայ շաբաթ մտադիր է հանդիպում ունենալ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի հետ:

Երէկ միջազգային լրատուամիջոցներ` վկայակոչելով ամերիկացի անանուն պաշտօնատար մը, հաղորդեցին, որ թրքական բանակին ու սուրիացի քիւրտերուն միջեւ զինադուլի համաձայնութիւն մը գոյացած է:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ քննադատեց Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական միջամտութիւնը` նշելով, որ «բազմաթիւ եւ հակասական» միջամտութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն սուրիական տագնապը հրահրելու վտանգը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+