31 Ağustos 2016
Երէկ երեկոյեան ՏԱՀԵՇ-ի «Աամաք» կայքը հաղորդեց, թէ Հալէպի մէջ սպաննուած է կազմակերպութեան բանբեր Ապու Մոհամետ Ատնանին, որ «Հալէպի գործողութիւններուն ընթացքը կը ստուգէր»:
Լրատու գործակալութիւնները յայտնեցին, որ սպաննուած ահաբեկիչը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մէկը կարելի է նկատել: