Սփիւռքահայու Տուայտանք - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

29 Ağustos 2016  

Սփիւռքահայու Տուայտանք -

Սփիւռքահայու Տուայտանք Սփիւռքահայու Տուայտանք

Վիճակս աննախանձելի է: Աջէն, ձախէն հարուածներ կը հասնին ինծի: Այո՛, թիրախը անձնապէս ես չեմ, բայց ի՛նչ տարբերութիւն… հազարաւորներու շարքին ես ալ կը կրեմ անոնց հետեւանքները:

Հազարաւոր սփիւռքահայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս նման, կ՛ուզեմ ազգիս ու հայրենիքիս օգտակար ըլլալ: Լա՛ւ, Հայաստանի վիճակի բարելաւման ճանապարհներուն մասին ինձմէ խորհուրդ կամ կարծիք ուզող չկայ, նոյնիսկ ամէնէն մօտիկ ընկերներս ինծի կը հասկցնեն, թէ այնքան ատեն, որ հողի վրայ չեմ, պէտք չէ յաւակնոտ ըլլամ եւ «խելօք» առաջարկներ տալու փորձութեան ենթարկուիմ: Դժկամութեամբ, բայց եկէք ընդունինք այս կարգավիճակը, եւ բաւարարուինք մեզի վերապահուած դերով՝ Հայաստանին ու Արցախին նիւթական օգնութիւն տալով: Բայց այստեղ ալ կանաչ ճանապարհ չէ բացուած առջեւս: Համատարած կասկածները, անվստահութիւնը կը կրծեն հոգիս: Կը փորձեմ պայքարիլ նոյն այդ կասկածողներուն ու անվստահութիւն քարոզողներուն դէմ: Կ՛ուզեմ բան մը ընել, բան մը տալ: Սակայն, ամէն անգամ տարբեր տեղէ զգայացունց խայտառակութիւն մը դուրս կու գայ եւ աւելի՛ կը դժուարացնէ գործս:

Այս տուայտանքէն ազատագրուելու համար, հեղինակաւոր խօսք կը փնտռեմ, հեղինակութիւն ու վարկ վայելող կը փնտռեմ, որ ինծի ճամբայ ցոյց տայ, միտքս հանգստացնէ, յուզումներս վերացնէ եւ բարոյական ամրութեան խարիսխ դառնայ ինծի ու ինծի նման բազմաթիւներու: Հոգեւոր ու քաղաքական առաջնորդներու վարկաբեկումներուն անվերջ դրուագները կը խախտեն հաւատքս՝ բարոյալքումի սերմերը աճեցնելով հոգիիս մէջ:

Գիտեմ, որ հակառակ այս բոլորին, հայրենիքի մէջ ապրող եղբայրներս ու քոյրերս աւելի ծանր հոգեվիճակ ունին, եւ այդ գիտակցութիւնը անզօր կատաղութեամբ կը լեցնէ ներաշխարհս: Բայց նոյնի՛սկ այսպէս տուայտելու իրաւունքը չունիմ, որովհետեւ ինձմէ ուրիշ բան կ՛ակնկալուի:

Ինձմէ աւելի ջղուտ խօսք, ուժեղ կեցուածք, աներեր հաւատք կը սպասուի:

Դարձեա՛լ մէկ հասցէ ունիմ՝ անոնց ներշնչումը ստանալու… Մեր նահատակ զինուորնե՛րը, որոնց մեղադրող հայեացքները կը պարտադրեն դուրս գալ անզօրութեան զգացումի ճիրաններէն ու բան մը ընել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+