29 Ağustos 2016
Օգոստոս 29-ին, ժամը 16:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը (Հասցէ` Վ. Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ): Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։
Երեւանի դպրոցներուն մէջ սուրիահայ երեխաներու ընդելուզման գործընթացքի մասին զեկուցումով հանդէս պիտի գայ Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեան:
2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող ծրագիրներու մասին կը զեկուցէ «Օքսֆամ Հայաստան» ընկերութեան ներկայացուցիչը:
2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող ծրագիրները կը ներկայացնէ «Սէյվ տը Չիլտրըն» ընկերութեան ներկայացուցիչը:
2015 թուականին կատարուած եւ 2016 թուականին նախատեսուող ծրագիրներու մասին կը զեկուցէ «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան միջեկեղեցական կլոր սեղան» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչը:
Պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցեր: