Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յերիւրածոյ Եւ Շինծու Մեղադրանքներ - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

29 Ağustos 2016  

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յերիւրածոյ Եւ Շինծու Մեղադրանքներ -

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յերիւրածոյ Եւ Շինծու Մեղադրանքներ Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յերիւրածոյ Եւ Շինծու Մեղադրանքներ

Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ շղթայազերծուած են յերիւրածոյ եւ շինծու մեղադրանքներ, որոնց առաջին շարքին կը գտնուի բնականաբար տեղւոյն հայութիւնը:

Յատկապէս յուլիս 15-ի կատարուած պետական հարուածի ձախող փորձէն ետք, կացութիւնը աւելի վատթարացած կը թուի ըլլալ: Անգամ մը եւս քաւութեան նոխազը փոքրամասնութիւններն են:

Տասնեակ մը օրերէ ի վեր Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են: Բան մը, որ նորութիւն չէ, եւ միշտ ալ կատարուած է, հաւանաբար ալ պիտի կատարուի, սակայն այս անգամուան «կրաֆիթի»-ին բովանդակութիւնն է, որ մտահոգիչ կը թուի:

Այդ գրութեան ետին գտնուող խուլիկանները իրենք զիրենք ներկայացուցած էին իբրեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին անդամներէն եւ ծայրայեղ կրօնամոլական «Գորշ Գայլեր»-ու ղեկավարներէն` Ապտուլահ Չաթլիի (1956-1996) հետեւորդները: Պահելով այդ ատելութեան չափն ու չափազանցութիւնը, այդ անծանօթ խուլիկանները Սուրբ Խաչի պատին վրայ նշած էին Թուրքիոյ այլ ազգայնամոլ թագաւորներէն մէկուն անունը` տեղեկացնելով, թէ բերած են Քուրշաթ թագաւորին ատելութիւնը` «Տանջա՛նք հայերուն. ձեզի Քուրշաթի քէնը բերած ենք»:

Թէ ո՞վ կը կանգնի այս անծանօթ սպառնացողներուն ետին: Զարմանալիօրէն յստակ է, թէ պղտոր ջուրին մէջ որսացող ձկնորսները որո՞նք են:

Ներթրքական հարցերը այնքան մը բարդ ու բեւեռացած վիճակի մէջ են, որ յատկապէս սուլթանամէտ Էրտողան եւ ոխերիմ թշնամի` ամերիկաբնակ Կիւլէն իրարու դէմ ամէն տեսակի ցեխարձակումներ կը կատարեն:

Խնդրոյ առարկայ սպառնալիքներն ու նուաստացումները այնքան մը յերիւրածոյ եւ շինծու են, որ նոյնինքն կացութեան մօտիկ դէտը կրնայ ենթադրել, թէ ատելութեան մակարդակը որքա՛ն անհանդուրժելի եւ վտանգաւոր իրավիճակի առջեւ կը գտնուի:

Այդպիսի մակարդակի դրսեւորում մըն էր, այն տեղեկութիւնը (կամ աւելի ճիշդը` ապատեղեկութիւնը), թէ Էրտողանի ոխերիմ գաղափարակից թշնամի Կիւլէնը, ո՛չ միայն քրիստոնեայ աշխարհին հետ կապեր ունի, տեսակցած է Պապին հետ – արդեօք մեղք մը գործե՞լ է, այդ ալ Ֆրանչիսքոս պապին նման անձնաւորութեան մը հետ տեսակցիլը – եւ կ՛աղօթէ հրեաներուն նման, այլ նաեւ ծագումով հայ է:

Այս թունաւոր եւ ազգայնամոլ յայտարարութիւններու լոյսին տակ, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան` Սելինա Տողան, իր կողքին ունենալով այլ գաղափարակից երեսփոխաններ, բողոքի նամակ մը յղեց արդարադատութեան նախարարութեան` ահազանգելով, թէ կատարուածը փոքրամասնութիւններուն դէմ ցեղապաշտական քայլ մըն է:

Թուրքիոյ ազգային շահերուն դէմ աշխատող կամ այլախոհ անձնաւորութիւն մը նկատուելու պատրուակով հազարաւորներ կը ձերբակալուին:

Միթէ, այդ գրգռիչ գրութիւններու ետին կանգնող անծանօթները միեւնոյն փաղանգին մաս չե՞ն կազմեր, մանաւանդ երբ նոյնինքն, Էրտողանի խօսքերով, երկրի միութեան ու միասնութեան համար Թուրքիոյ բոլոր միաւորները ձեռք ձեռքի տուած են եւ կը գործեն յաչս խաղաղութեան… կամ նոյնինքն Էրտողանի կուսակցութեան անունը օգտագործելով` արդարութեան եւ բարգաւաճման:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+