29 Ağustos 2016
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն մէջ յայտարարած է արտակարգ դրութիւն:
Վերջին տուեալներով` երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 267-ի: Անոնց մեծ մասը` շուրջ 200 հոգի մահացած է Ամաթրիչէ քաղաքին մէջ:
Երկրաշարժէն վնասուածներուն օգնութիւն տրամադրելու համար Իտալիոյ կառավարութիւնը յատկացուցած է 50 միլիոն եւրօ: Ռենցի խոստացած է, որ շուտով պիտի յատկացուին լրացուցիչ միջոցներ:
Աւերուած քաղաքներուն մէջ կը շարունակուին վերապրողներու եւ զոհերու փնտռտուքի եւ փրկարարական աշխատանքները, որոնք կը բարդանան պարբերաբար արձանագրուող յետցնցումներուն պատճառով:
Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ երկրաշարժէն վնասուած քաղաքացիներուն պիտի տրամադրուին բոլոր գումարները, որոնք պիտի գոյանան կիրակի օր թանգարաններ կատարած այցելութիւններու տոմսերու վաճառքէն:
Յիշեցնենք, որ 6,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը տեղի ունեցած էր կեդրոնական Իտալիոյ մէջ` Փերուճիա քաղաքէն հարաւ-արեւելք:
Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Տարիօ Ֆրանչեսքինի յայտնած է, որ երկրաշարժը վնասած կամ քանդած է պատմական նշանակութիւն ունեցող 293 շէնքեր:
Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, խօսքը առաւելաբար կը վերաբերի 13-14-րդ դարերու տաճարներու, պալատներու եւ յուշարձաններու: Բնական աղէտը գործնականին մէջ ամբողջովին քանդած է Ամաթրիչէ քաղաքի պատմական կեդրոնը, որ ժամանակին ճանչցուած է իբրեւ «հարիւր եկեղեցիներու քաղաք»:
Քաղաքի գլխաւոր տեսարժան կառոյցը` Ս. Ֆրանչիսկոսի տաճարը մասնակիօրէն քանդուած է: Ս. Օգոստինոս եկեղեցին, որ կառուցուած է 1428 թուականին եւ կը գտնուի Ամաթրիչէի մօտ, ամբողջովին քանդուած է:
Շրջանին մէջ շարունակ յետցնցումներ կ՛արձանագրուին: