29 Ağustos 2016
Երէկ սկիզբ առաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքին հարաւը գտնուող Տարայայի համաձայնութեան գործադրութիւնը, որուն հիմամբ զինեալներն ու քաղաքայինները դուրս պիտի գան չորս տարիէ ի վեր Սուրիոյ բանակին կողմէ պաշարուած քաղաքէն:
Հինգշաբթի օր գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, անոնք պիտի հեռանան դէպի Իտլիպ:
Համաձայնութեան ծիրին մէջ զինեալները, իրենց զէնքերը յանձնելէ ետք, իրենց ընտանիքներուն հետ կը հեռանան դէպի Իտլիպ, իսկ քաղաքը կը պարպուի բոլոր զինեալներէն:
Այն զինեալները, որոնք կ՛ուզեն իրենց կարգավիճակը կարգաւորել, պիտի մնան պատսպարաններու մէջ եւ միջոցառումներու աւարտին պիտի վերադառնան Տարայա:
Հինգշաբթի օր գոյացած համաձայնութիւնը պիտի գործադրուի առաւելագոյնը չորս օրուան ընթացքին:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, զինեալները քաղաքէն դուրս գալէ առաջ հրկիզած են իրենց անձնական փաստաթուղթերը:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը երէկ գրեց‚ որ քառամեայ պաշարումէ ետք Տարայա քաղաքին անձնատուր ըլլալը մեծ ցաւ պատճառող հարուած մըն է սուրիական զինեալ ընդդիմութեան համար‚ իսկ սուրիական բանակին համար` ձեռքբերում մը: