Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան մտադիր է իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը պաշտպանել: - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

29 Ağustos 2016  

Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան մտադիր է իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը պաշտպանել: -

Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան մտադիր է իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը պաշտպանել: Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան մտադիր է իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը պաշտպանել:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիան մտադիր է իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը պաշտպանել: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը պնդէ Սուրիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ յաւելեալ մասնատման մերժումին վրայ:

Քուրթուլմուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ ՏԱՀԵՇ եւ քիւրտ զինեալները յարձակում կը գործեն Թուրքիոյ վրայ` շահագործելով անցեալ ամիս տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձը:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիա յաւելեալ հրասայլեր ուղարկած է հիւսիսային Սուրիա: Մինչ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին, «Մայատին» կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատար մը յայտարարած է, որ իր երկիրը «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ծրագրած էր երկու տարի առաջ, սակայն շարք մը արգելքներու, մասնաւորաբար Ուաշինկթընի հետ տարակարծութիւններու պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ:

Թուրք պաշտօնատարը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կասկածի տակ առած էին Ժարապլոսը ազատագրելու Թուրքիոյ ծրագիրին արդիւնաւէտութիւնը` նշելով, որ չափաւորական զինեալներու թիւը պարզապէս բաւարար չէ քաղաքն ու հիւսիսային Սուրիոյ այլ վայրեր ազատագրելու համար: Անգարա մարտին Սպիտակ տան ներկայացուցած է ցանկը 1800 չափաւորական զինեալներու եւ 600 յաւելեալ տարրերու, որոնք կրնան գործողութիւնը կատարել:

Ան շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին մասնակցած զինուորները եւս խանգարած են Սուրիոյ մէջ միջամտութեան ծրագիրը: «Բանակին մէջ կարգ մը ազդեցիկ սպաներ սուտ պնդումներու դիմելով արգելակած են զայն», ըսած է ան` աւելցնելով. «Սամիհ Թերզի հիմնական պատճառն էր թրքական զինուորական գործողութեան»:

Թուրք պաշտօնատարը յայտնած է, որ ռուս-թրքական լարուածութիւնը եւս արգելակած է ծրագիրը:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, որ քաղաք մուտք գործած զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ տուներու խուզարկումի եւ ականազերծումի աշխատանքներուն աւարտէն ետք, տասնեակներով սուրիացի ընտանիքներ վերադարձած են Ժարապլոս:

Դիտարանը իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ ռմբաձիգներ, որոնք կը կարծուին թրքական ըլլալ, հարուածած են Ժարապլոսի հարաւը գտնուող Ամրանէի մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող ձայնասփիւռի կայանի շէնքը:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ բանակներու սպայակոյտերու պետերու երէկ նախատեսուած հանդիպումը ջնջուած է եւ յետաձգուած աւելի ուշ ժամանակի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+