22 Ağustos 2016
Թուրքիոյ մէջ կիւլենականներու ձերբակալման արշաւի ծիրին մէջ վերջերս արգելափակուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուող դատական վճիռ արձակած Ռուստեմ Էրեըլմազ` Պոլսոյ ծանր յանցագործութեանց 14-րդ դատարանի նախագահը: Տինքի սպանութեան հարցով Էրեըլմազի արձակած վճիռը բեկանուած էր 2013-ին եւ ընթացք առած էր նոր դատավարութիւն: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, դատաւոր Էրեըլմազ ձերբակալուած է Մանիսա նահանգի Սալիհլիի ոստիկանութեան կողմէ, Պաքըրքէօյի եւ Ուրֆայի դատարաններուն հաւանութեամբ: Ան մեղադրուած է կիւլենական շարժման անդամակցութեան մէջ:
Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները խիստ հետաքննութեանց եւ ձերբակալման արշաւի ձեռնարկած են անցնող 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք, որ ըստ թրքական իշխանութեան կը վերագրուի ամերիկաբնակ թուրք իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի: