22 Ağustos 2016
Երէկ Հասաքէի մէջ ռուսական միջնորդութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացաւ պետական պաշտօնական կողմերուն եւ քրտական «Եէ. Փէ. Կէ.» խմբաւորման միջեւ:
Համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ զինադադարի հաստատում, երէկ` երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, եւ վիրաւորներու փոխադրում` Գամիշլիի հիւանդանոց:
«ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ քաղաքի ապահովական վիճակի բարելաւում եւ բանակցութիւններու վերսկսում` կողմերուն միջեւ հարցերու լուծման համար: