Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով Իր Խորհրդակցութիւնները - Հայերէն
25 Nisan 2025 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

22 Ağustos 2016  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով Իր Խորհրդակցութիւնները -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով Իր Խորհրդակցութիւնները Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով Իր Խորհրդակցութիւնները

Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով:

Այս ծիրին մէջ, դարձեալ Ժընեւի մէջ, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) ճամբով իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը վերջին ութ տարիներուն ՄԱԵԽ-ի նախագահներէն մին է:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ զուիցերիական մարդասիրական «Արմենոֆաս» հիմնադրամի նախագահ Թենի Սիմոնեանի հետ եւ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ նախքան Ժընեւ մեկնիլը, վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեանին հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց, որ յիշեալ հիմնադրամը անցնող տարիներուն օժանդակած է Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն, միաժամանակ շեշտեց օժանդակութիւնները շարունակելու հրամայականը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+