18 Ağustos 2016
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ երէկ երեկոյեան, Ժընեւի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան Տը Միսթուրայի երկու գլխաւոր օգնականները, իսկ վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Ժընեւի մէջ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական ներկայացուցիչ Թենի Սիմոնեան:
Հանդիպումը տեւեց աւելի քան մէկ ժամ, որուն ընթացքին Տը Միսթուրա ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումները` թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց սուրիական տագնապին շուտափոյթ լուծում տալու հրամայականը, որ կարելի է իրագործել շրջանային ու միջազգային ուժերու գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն աջակցութիւն ընծայող աղբիւրները փակելով:
Ապա, վեհափառ հայրապետի եւ Տը Միսթուրայի միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին, միջազգային դիւանագէտը յոյս յայտնեց, թէ կարգ մը դրական զարգացումներ կրնան յատկապէս Հալէպի տագնապը լուծման առաջնորդել: