18 Ağustos 2016
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ զգուշացուց Միացեալ Նահանգները ամերիկաբնակ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հարցով Թուրքիոյ հետ ճակատելէ:
Ան յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը զբաղի «Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձին յանցանքով ամբաստանուած Կիւլենի արտայանձնման հարցով»` նշելով. «4 պաշտօնատարներէ բաղկացած ամերիկեան պատուիրակութիւն մը 22 օգոստոսին պիտի այցելէ Թուրքիա, իսկ թրքական պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած»:
Պոզտաղ զգուշացուց Միացեալ Նահանգները «ներկայ հանգրուանին Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին հետ ճակատումի մէջ մտնելէ»` նշելով. «Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն առաջուան նման պիտի չըլլան, եթէ Միացեալ Նահանգներ զինք չյանձնեն, որովհետեւ պիտի կորսնցնեն թուրք ժողովուրդը»: