18 Ağustos 2016
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ երէկ լրագրողներուն յայտարարած է, որ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն հետ կապուած միջադէպին համար Թուրքիոյ պիտի վճարէ 20 միլիոն տոլարի փոխհատուցում: Ըստ անոր, նշեալ գումարը պէտք է վճարուի յառաջիկայ 25 օրերուն ընթացքին:
«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած է հրաժարիլ Իսրայէլի դէմ իր յարուցած դատական հայցերէն:
Նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած էր, որ Իսրայէլ ընդունած է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Թուրքիոյ բոլոր պայմանները: