16 Ağustos 2016
Օգոստոս 16-ին Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն պայքարի մէջ կը մտնեն Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներ, որոնցմէ երեքը կը յաւակնին մետալներու:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 66 քկ քաշային կարգին մէջ Միհրան Յարութիւնեան պայքարը կը սկսի 1/8 եզրափակիչէն: Անոր մրցակիցը Եգիպտոս ներկայացնող Ատհամ Քահքն է: Այդ արգելքը յաղթահարելու պարագային յաջորդ փուլին Յարութիւնեանի մրցակիցը կ’ըլլայ Թոմաս Լորինց (Հունգարիա) – Հանսու Ռիւ (Հրւ. Քորէա) զոյգի յաղթողը: Գօտեմարտը կը մեկնարկէ Երեւանի ժամանակով 17:20-ին:
98 քկ քաշային կարգին մէջ Արթուր Ալեքսանեան նոյնպէս կը մեկնարկէ 1/8 եզրափակիչէն: Արթուրի մրցակիցը իտալացի Տաիկորօ Թիմոնչինին է: Քառորդ եզրափակիչ անցնելու պարագային Ալեքսանեան կը գօտեմարտի Ցիուրարիու Ալեքսուս (Ռումանիա) – Համտի Մուսթաֆա Ապտելուահապ (Եգիպտոս) զոյգի յաղթողի հետ: Գօտեմարտը կը մեկնարկէ Երեւանի ժամանակով 17:30-ին:
105+ քաշային կարգին մէջ հանդէս եկող ծանրորդ Գոռ Մինասեանի ելոյթի մեկնարկը նախատեսուած է Երեւանի ժամանակով 02:00-ին:
04:05-ին պայքարի մէջ կը մտնէ հեռացատկորդ Ամալիա Շարոյեան: