16 Ağustos 2016
Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութեան` Եւրոմիութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր վարչութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով կայանալիք միջազգային խորհրդաժողովին թրքական կողմէն որեւէ մասնակցութիւն չըլլայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Ilerihaber.org»-ը։
Նշեալ վարչութիւնը յատուկ գրութեամբ դիմած է նորարարական եւ կրթական ճարտարագիտութիւններու վարչութեան` պահանջելով, որպէսզի հրաւէր ստանալու պարագային որեւէ թրքական պատուիրակութիւն չմասնակցի ՀՀ երիտասարդութեան եւ սփորթի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուելիք յոբելինական խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2016 Սեպտեմբեր 15-18:
Նորարարական եւ կրթական ճարտարագիտութիւններու վարչութիւնն ալ, իր հերթին, գրաւոր կերպով հրահանգած է Թուրքիոյ նահանգապետարաններուն եւ նահանգային ազգային կրթական վարչութիւններուն` հայկական կողմէն համապատասխան հրաւէր ստանալու պարագային զերծ մնալ խորհրդաժողովին մասնակցութենէն: