Սուրիոյ Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Նոր Զարգացումներու Մասին Հաւաստում. «Թուրքիոյ Սպայական Կազմին 80 Առ Հարիւր - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

15 Ağustos 2016  

Սուրիոյ Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Նոր Զարգացումներու Մասին Հաւաստում. «Թուրքիոյ Սպայական Կազմին 80 Առ Հարիւր -

Սուրիոյ Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Նոր Զարգացումներու Մասին Հաւաստում. «Թուրքիոյ Սպայական Կազմին 80 Առ Հարիւր Սուրիոյ Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Նոր Զարգացումներու Մասին Հաւաստում. «Թուրքիոյ Սպայական Կազմին 80 Առ Հարիւրը Կապ Ունի Կիւլենի Կազմակերպութեան Հետ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Հապերթիւրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Չանքայա պալատին մէջ պատկերասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայական անձնակազմին 60-80 առ հարիւրը, զինուորական ուսումնարաններուն 95 առ հարիւրը կապ ունին «Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան»` ՖԵԹԷՕ-ի հետ, որ Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձ կազմակերպելու մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է, որ զինուորական յեղաշրջումի փորձի դասերէն մեկնելով` կառավարութիւնը կը պատրաստուի վերակառուցելու զինեալ ուժերը եւ բարեփոխումներ կատարելու: Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդին կառուցուածքը պէտք է փոխուի:

Ըստ անոր, Կիւլենի կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ կրնայ կազմուած ըլլալ շուրջ 50 հազար մարդոցմէ, որոնք իրարու հետ հաղորդակցելու սեփական ցանցեր ունին:

Եըլտըրըմ ըսած է, որ ներկայիս բացայայտուած է Կիւլենի կազմակերպութեան առնչուած 76.597 մարդ, պետական համակարգին մէջ աշխատանքէ հեռացուած են 7897 անձեր, որոնք կը կարծուին կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալ, եւ անոնցմէ 3000-էն աւելին զինուորականներ են:

«Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ հիմա կիւլենականներու հետ կապերու կասկածանքով յայտնաբերուած է 81.494 մարդ», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Եըլտըրըմ ներկաներուն հաւաստած է, որ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ նոր զարգացումներ պիտի ըլլան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետարանը հերքեց Եըլտըրըմի վերագրուած յայտարարութիւն մը, որ կ՛ակնարկէր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձին մէջ Սէուտական Արաբիոյ մեղսակցութեան:

«Այդ լուրերը եւ մեկնաբանութիւնները ճիշդ չեն եւ բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան», ըսուած է վարչապետարանի հաղորդագրութեան մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետարանը իր գնահատանքն ու ողջունումը արտայայտեց վերջին յեղաշրջումի փորձին հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան զօրակցող սէուտական կեցուածքին նկատմամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+