13 Ağustos 2016
Պալըքլըի Գերեզմանատան մէջ, 11 Օգոստոս 2016, Հինգշաբթի, նորակերտ խաչքարի բացումն ու օծումը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Տ. Գէորգ Աւ., Տրդատ եւ Շիրվան Քահանայ Հայրերն ու Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները։ Խաչքարը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ, բարերարութեամբ Արիս Տէմիրի։ Յետ այսու Մեռելոցի օրերուն, արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ այս խաչքարի շուրջը։
Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը: