13 Ağustos 2016
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը գրէ, որ ռուս դիւանագէտներն ու զինուորականները իրենց թուրք գործընկերներուն հետ բանակցութիւններու ընթացքին պահանջած են փակել թուրք-սուրիական պետական սահմանը:
«Մենք բնականաբար բարձրացուցած ենք թուրք-սուրիական սահմանի փակման հարցը, որպէսզի ահաբեկիչներու եւ զէնքի հոսքը դադրեցուի: Այդպիսով` զինեալները պէտք է զրկուին դուրսէն սնուցման որեւէ աղբիւրէ», նշած է Տումայի պաշտպանական հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Վիքթոր Վոտոլացքի:
Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ տուեալ հարցը ուղղակի կապ ունի Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան ապահովման հետ:
«Մենք մեր կողմէ Թուրքիոյ կրնանք տրամադրել արբանեակային լուսանկարներ այն վայրերուն, ուրկէ կ՛անցնի զինեալներու եւ զէնքի հոսքը», ըսած է ռուս երեսփոխանը:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Ռուսիոյ պահանջէն ետք թրքական կողմը արդէն կը քննարկէ սահմանը փակելու հարցը: