13 Ağustos 2016
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլիզապեթ Թրիւտօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան եւ ամերիկաբնակ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնելու միջեւ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ ուշ կամ կանուխ ընտրութիւն պէտք է կատարեն Անգարայի եւ Կիւլենի կազմակերպութեան միջեւ: «Ուշ կամ կանուխ, Միացեալ Նահանգներ պէտք է ընտրութիւն կատարեն: Կա՛մ Թուրքիան, Կա՛մ ՖԵԹԷՕ-ն (Կիւլենի կազմակերպութիւնը, «Ա.»): Անոնք պէտք է ընտրութիւն կատարեն», ըսած էր ան:
Թրիւտօ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն կատարել իրենց պարտաւորութիւնները արտայանձնումի առնչութեամբ որեւէ համաձայնագիրի ծիրին մէջ:
Ան յայտնած է, որ ատիկա ընդհանրապէս կապ չունի Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու սերտ համագործակցութեան հետ: