13 Ağustos 2016
Հայաստան կը պատրաստուի Վիեննայի ( 16 մայիս) եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (20 յունիս) տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման:
Այս մասին յայտարարած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած վերջին հանդիպումին:
Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան: «Խօսքը կը վերաբերի այն պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին: Շատ յստակ նախագահը նշեց, որ խօսքը կը վերաբերի 1994, 1995 թուականներու եռակողմանի անժամկէտ զինադադարի պահպանման համաձայնագիրներուն, դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խմբակի կարողութիւններու ընդլայնման: Նախագահի ելոյթին մէջ ասիկա շատ յստակ նշուած է», հաստատած է Յովակիմեան: