13 Ağustos 2016
Հալէպի մէջ երէկ առաւօտ վիրաւորուած Սարգիս Գույումճեան այսօր առաւօտեան Հալէպի ալ Ռազի հիւանդանոցին մէջ կնքեց իր մահկանացուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Զոհուած հայորդիին յուղարկաւորութիւնն ու թաղմանական կարգը պիտի կատարուի այսօր յետ միջօրէի ժամը 3:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Յիշեցնենք, որ Սարգիս Գույումճեան Հալէպի Նոր Գիւղի փուռին մօտ ծանրօրէն վիրաւորուած էր։