13 Ağustos 2016
Մանկական եւրոտեսիլ երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Հանրային հեռուստաընկերութիւնը։
Անոնց թեկնածութիւնը հաստատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբը` ներքին ընտրութեան իբրեւ արդիւնք:
13-ամեայ Անահիտ Ադամեանը ծնած է Սոչի, մանկութենէն կը սիրէ երգել, իսկ երաժշտական առաջին մասնագիտական քայլերը սկսած է 2013-ին, ուսանած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Իսկ Մերի Վարդանեանը, որ նոյնպէս 13 տարեկան է, ծնած է Գեղարքունիքի Վարդենիս քաղաքին մէջ: Երաժշտութեան մէջ առաջին լուրջ քայլերը սկսած է 2011 թուականին եւ սկսած է ուսանիլ «Էմի-բի» ընկերութեան «Դո-ռե-մի» վոկալ դպրոցին մէջ:
Մրցութային երգը պիտի ներկայացուի աշնան սկիզբը:
Հայաստանը «Մանկական եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին կը մասնակցի է 2007 թուականէն ի վեր: