Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

09 Ağustos 2016  

Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի -

Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիա իր այցելութեան նախօրեակին ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է:

«Առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան անկարելի է գտնել սուրիական խնդիրի լուծումը: Միայն Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան պարագային մենք կրնանք լուծել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը», ըսած է Էրտողան:

Ան ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ պիտի բանան»:

Ան խօսած է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին: «Եւրոպական Միութիւնը չի կատարեր Թուրքիոյ տուած իր խոստումները եւ 53 տարի շարունակ յիմարի տեղ կը դնէ զինք», յայտնած է ան:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս»` վկայակոչելով Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան համառուսական կեդրոնին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները, 8 օգոստոսին հաղորդեց, որ ռուս քաղաքացիները կը հետեւին Թուրքիոյ կացութեան, անոնք չեն վստահիր ու կը դատապարտեն Անգարայի իշխանութիւնները:

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բացասաբար կը վերաբերի հարցախոյզի մասնակիցներուն կէսը, անոնց չի վստահիր 24 առ հարիւրը, անոնցմէ հիասթափուած է 14 առ հարիւրը եւ զանոնք կը դատապարտէ 12 առ հարիւրը: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 32 առ հարիւրը յայտնած է, որ անտարբեր է Անգարայի կառավարութեան նկատմամբ:

Ռուսերուն 19 առ հարիւրին կարծիքով` Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումին փորձը կատարած են զինուորականները, 17 առ հարիւրը` արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները, 12 առ հարիւրը` երկրի իշխանութիւնները, իսկ նոյնքան մարդ խռովութեան համար կը մեղադրեն իսլամական արմատականները: Մնացեալ 36 առ հարիւրը դժուարացած է նշել յեղաշրջումի նեթադրեալ կազմակերպիչները:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն երկու երրորդին` 67 առ հարիւրին կարծիքով` Ռուսիա պէտք է չէզոք դիրք բռնէ, Թուրքիոյ նախագահին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է 14 առ հարիւրը, ընդդիմութեան կը համակրի 3 առ հարիւրը, իսկ 16 առ հարիւրը դժուարացած է պատասխանել:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 36 առ հարիւրը յայտարարած է, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է հրաժարիլ պահանջներու մէկ մասէն, 39 առ հարիւրը առաջարկած է ուժեղացնել ճնշումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ` Մոսկուայի բոլոր պահանջներուն կատարման նպատակով:

25 առ հարիւրը խոստովանած է, որ չի գիտեր ինչպէ՛ս վարուիլ տուեալ իրավիճակին մէջ:

Էրտողան այսօր Ռուսիա իր այցելութեան նախօրեակին յայտարարած է, որ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «նոր էջ պիտի բանան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+