09 Ağustos 2016
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաւսան Շեպլի յայտարարած է, որ մահապատիժին վերականգնումը պիտի նշանակէ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն դադրեցումը:
«Թուրքիոյ կողմէ մահապատիժի սահմանումը անհամատեղելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան արժէքներուն հետ: Ատիկա պիտի նշանակէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու դադրեցումը», ըսած է ան:
Նշենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր նախապէս յայտնած էր. «Յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք, Թուրքիոյ կողմէ մահապատիժը վերականգնելու որեւէ քայլ Եւրոպական Միութեան միանալու անոր ջանքերը դուրս պիտի բերէ իր հունէն»:
Կապրիէլ. «Թուրքիան Յառաջիկայ Քսան Տարիներուն
Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալու Առիթ Չունի»
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի օգնական Սիկմար Կապրիէլ, անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները դադրեցնելու մասին հնչող կարծիքներուն, յայտարարած է, որ յառաջիկայ քսան տարիներուն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին չի կրնար խօսք ըլլալ:
«Մենք պէտք է Թուրքիոյ հետ ամէն տեսակի երկխօսութեան ուղիներ բաց պահենք: Սակայն, ես այն կարծիքին եմ, որ մօտիկ ապագային` յառաջիկայ քսան տարիներուն Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու առիթ չունի», ըսած է ան` նշելով, որ Թուրքիան տակաւին շատ հեռու է Եւրոպական Միութեան չափանիշներէն:
Մերքելի օգնականը ըսած է, որ եթէ Թուրքիան մահապատիժը վերականգնէ, ապա Եւրոպական Միութեան բոլոր պայմանները կատարելու պարագային նոյնիսկ անդամակցութեան բանակցութիւնները պիտի յայտնուին «տարբեր իրավիճակի մէջ», այսինքն` պիտի կասեցուին:
«Մահապատիժի վերականգնումը պիտի հակասէ Եւրոպական Միութեան հիմնարար իրաւունքներու հռչակագիրին: Այդ ժամանակ անդամակցութեան բանակցութիւններու իմաստը պիտի կորսուի», նշած է ան: