08 Ağustos 2016
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շաբաթ, 6 օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան սէյիտ Քազեմ Սաճատին: Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Կողմերը, մասնաւորապէս, անդրադարձած են Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ վերջերս ստորագրուած` քաղաքացիներու` առանց մուտքի արտօնագիրի այցելութիւններու մասին համաձայնագիրին: Դեսպան Սաճատի նշած է. «Արդէն այսօրուընէ Իրանի բոլոր սահմանային անցակէտերուն տեղեկացուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կրնան մուտք գործել Իրան` առանց մուտքի արտօնագիրի:
«Յովիկ Աբրահամեան եւ սէյիտ Քազեմ Սաճատի վստահութիւն յայտնած են, որ երկու դրացի պետութիւններուն միջեւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը կը խթանէ զբօսաշրջութեան զարգացումը եւ կը ստեղծէ յաւելեալ նպաստաւոր պայմաններ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններուն համար», նշուած է կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ: