08 Ağustos 2016
Երէկ` կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նահատակ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան ներկայ էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վեր. Րաֆֆի Մըսրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ Էլի Մալեան, պետական երեսփոխաններ, նախարարներ, հոգեւորականներ, միութիւներու, կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու քողազերծուեցաւ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի արձանը եւ ապա կատարուեցաւ անոր օծումն ու օրհնութիւնը:
Պաշտօնապէս ելոյթ ունեցան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, Մովսէս վրդ. Տօնանեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան:
«Կռունկ» պատրիարքական եւ «Էն.Տի.Եու» համալսարանի երգչախումբերը հայերէն եւ արաբերէն երգերով ու շարականներով մասնակցեցան յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին: Իսկ հանդիսութեան աւարտին հոգեւոր հայրերը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի գիրքէն օրինակներ:
Յաջորդիւ ամբողջութեամբ լոյս կ՛ընծայենք պաշտօնական հանդիսութեան թղթակցութիւնը: