Լիբանանեան Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը Ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

08 Ağustos 2016  

Լիբանանեան Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը Ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ -

Լիբանանեան Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը Ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ Լիբանանեան Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը Ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան յատուկ ջոկատ մը, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Արսալի բարձունքներուն վրայ գործեց որակական գործողութիւն մը, որմէ ետք կրցաւ ձերբակալել ահաբեկիչներ Թարեք Ֆլիթին եւ Սամեհ Պրայտին ու զանոնք փոխադրել Պէյրութի իր զօրանոցներէն մէկը եւ հարցաքննել զանոնք: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Թարեք Ֆլիթի եւ Սամեհ Պրայտի ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր պատասխանատուներէն են:

Նշենք, որ վերոնշեալ երկուքը Հարաւային արուարձաններուն մէջ գործուած պայթումներուն հեղինակներն են. անոնք լիբանանեան բանակին եւ Արսալի բնակիչներուն վրայ յարձակումներ գործած են, պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն Լիբանանի մէջ գործուած բոլոր ահաբեկչութիւններուն, որոնց շարքին` ականուած ինքնաշարժները պատրաստելու եւ Լիբանան ուղարկելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ յիսնապետ Փիեռ Պաշաալանին եւ թերգնդապետ Զահրամանը սպաննելու պատասխանատուութիւնը:

Նշենք, որ անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Սամեհ Պրայտի մահացած է ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով, սակայն այդ տեղեկութիւնները մնացին անստոյգ:

Միւս կողմէ, բանակը երէկ ուշ գիշերին շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ուատի Խէյլ շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+