08 Ağustos 2016
Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան՝ Յուլիս 27, 28 եւ 29ի օրերուն, «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունեցան հայոց լեզուի դասընթացներ: Իբրեւ դասատու հրաւիրուած էր Յունահայոց Թեմի առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթը։:
11 աշակերտներ մասնակցեցան սոյն դասընթացներուն։ Համայնքի զաւակները զգացական կառչուածութեամբ ուշի-ուշով հետեւեցան դասերուն, կատարեցին զանազան տեսակի հարցումներ, եւ մեծ գոհունակութեամբ թրծեցին իրենց մտքերը՝ Մուշեղ իշխանի բանաստեղծութեամբ, նաեւ՝ իրենց ազգային ոգին ներշնչեցին «Հայեր միացէ՛ք» ազգային երգը սորվելով:
Բոլորն ալ սրահին մէջ միատեղուած, թուղթի ու մելանի ընկերակցութեամբ, աշակերտներն ու ուսուցիչը բազմաթիւ յիշատակներ կենդանացուցին՝ յիշելով անցեալին ամարանոցի օրերը, ուր Սրբազան Հայրը նոյն ձեւով կը դասաւանդէր. ներկայիս աշակերտներն ալ ըլլալով հասուն տարիքի մէջ՝ անոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ աւելիով վերակենդանացուեցաւ հայ լեզուի արժէքը:
Հայ լեզուն հայ ազգին համար արժէք է՝ յարատեւութեան, գոյատեւման եւ բարգաւաճումի: Այս ոգիով է, որ աշակերտները ուզեցին մասնակցիլ, աւելիով մօտենալ հայերէն լեզուին, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին այս սուրբ ջահը փոխանցեն Նոր Սերունդին, որ պիտի ապահովէ հայ լեզուի գոյատեւումը՝ շնորհիւ նուիրեալ հայորդիներու:
3 օրերու այս փորձառութիւնը Համազգայինի վարչութեան վստահեցուց, թէ գալիք օրերը աւելի պայծառ պիտի ըլլան՝ շնորհիւ Սրբազան Հօր, համազգայնականներուն եւ մեր սիրելի համայնքի զաւակներուն: Վերջապէս, այս առիթը սկիզբ մըն է այլ առիթներու, որոնք պիտի ծառայեն մէկ կենսական նպատակի՝ հայոց Լեզուի արժեւորման, բարգաւաճման եւ գոյատեւման: