04 Ağustos 2016
Սթամպուլի մէջ հրատարակուած է համշէնահայերու «Գոր» ամսագիրին 4-րդ թիւը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:
Աղբիւրին համաձայն` ինչպէս հանդէսի նախորդ, այնպէս ալ սոյն թիւին մէջ թրքերէնով եւ Համշէնի բարբառով հրատարակուած են համշէնահայերու պատմութեան, լեզուի եւ մշակոյթի մասին նիւթեր:
Յիշեցնենք, որ 2014 Սեպտեմբերէն տպագրուող «Գոր» ամսագիրը լոյս կը տեսնէ տարեկան 2 անգամ` վեցամսեայ պարբերականութեամբ: Անիկա ունի հիմնական երեք բաժիններ.
Գիտական բաժին, որուն մէջ կը ներկայացուի Համշէնի եւ համշէնահայութեան պատմութիւնը:
Լեզուի բաժին, որուն նպատակն է Համշէնի բարբառին չտիրապետող համշէնցիներուն սորվեցնել մայրենի բարբառը:
Բանահիւսութեան բաժին, ուր հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով կը ներկայացուի Համշէնի բանահիւսութիւնը: