04 Ağustos 2016
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը երէկ բռնի ուժով դուրս բերաւ Փարիզի Ս. Ռիթա եկեղեցւոյ մէջ աղօթողները: Ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կիրարկեց եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցող վարդապետին նկատմամբ:
Ոստիկանութիւնը եկեղեցին քանդելով անոր տեղ կառատուն եւ յարկաբաժիններ կառուցելու դատարանի մը որոշումը գործադրելու համար եկեղեցւոյ մէջ օգտագործեց արցունքաբեր կազ եւ մահակներ:
Ֆրանսական օրաթերթեր յայտնեցին, որ ոստիկանութեան վարմունքը ցնցած է տեղւոյն բնակչութիւնը այն պահուն, երբ քրիստոնեաները տակաւին ցնցուած են անցեալ շաբաթ սալաֆական երկու իսլամներու կողմէ վարդապետ մը մորթելու արարքէն:
Օրաթերթերը ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղեցին հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերելու կրօնական տարբեր համայնքներուն նկատմամբ եւ նոյնպիսի բռնի ուժ կիրարկելու մզկիթներուն եւ իմամներուն նկատմամբ, որոնք ուրբաթ օրուան նամազի քարոզներուն մէջ բռնարարքներու հրահրում կը կատարեն: