04 Ağustos 2016
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 օգոստոսին աշխատանքային այյցելութիւն պիտի տայ Ռուսիա:
Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած են նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին նախատեսուած է քննարկել ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններուն միջեւ շարք մը մարզերու մէջ` քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական, երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցեր, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներու զարգացման վերաբերող հարցեր:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութինը միտքեր պիտի փոխանակեն նաեւ միջազգային եւ շրջանային շարք մը ժամանակակից խնդիրներու շուրջ: